Շաբթուայ Խօսքը
ՀՐԱՇՔԻ ՄԸ ԽՆԴՐԱՆՔԸ
Այն ատեն դպիրներէն ու փարիսեցիներէն ոմանք իրեն ըսին. «Վա՛րդապետ, կ՚ուզենք քեզմէ նշան մը տեսնել»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու անոնց ըսաւ. «Չար եւ շնացող ազգը նշան կ՚ուզէ։ Ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը։ Քանզի ինչպէս Յովնան երեք օր ու գիշեր կէտձուկին փորին մէջ մնաց, այնպէս ալ Մարդու Որդին պիտի մնայ երկրի սրտին մէջ՝ երեք օր ու երեք գիշեր։ Նինուէի մարդիկը դատաստանի օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլեն ու պիտի դատապարտեն զայն, վասն զի Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին։ Ահա Յովնանէն մեծ մէկը կայ հոս։ Հարաւի թագուհին դատաստանինփ օրը այս ազգին դէմ պիտի ելլէ ու պիտի դատապարտէ զայն, վասն զի ինք երկրի ծայրերէն եկաւ Սողոմոնին իմաստութիւնը լսելու. եւ ահա Սողոմոնէն մեծ մէկը կայ հոս»։«Երբ պիղծ ոգին մարդէ մը ելլէ, անջուր տեղերը պտըտի՝ հանգստութիւն փնտռէ ու չգտնէ, կ՚ըսէ. ‘Դառնամ նորէն իմ տունս, ուրկէ ելայ’։ Կու գայ զանիկա կը գտնէ պարապ, մաքրուած ու յարդարուած։ Այն ատեն կ՚երթայ եւ իրեն հետ կ՚առնէ եօթը ուրիշ ոգիներ իրմէ աւելի չար ու անոնք ալ մտնելով հոն կը բնակին։ Այն մարդուն վախճանը առաջինէն ալ գէշ կ՚ըլլայ։ Նոյնպէս պիտի ըլլայ այս չար ազգին»։
— Մատթէոսի 12, 38-45