Պարգեւատրում՝ Պօղոս Չալկըճըօղլուի
Շաբաթ, 11 Յունիսին, «Աթլաս» շարժանկարի սրահի երդիքին տակ Պոլսահայ թատերական կեանքի երախտաւորներէն Պօղոս Չալկըճըօղլու պարգեւատրուեցաւ՝ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի կողմէ հաստատուած «Նշան Պէշիկթաշլեան շքանշանով: Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Մշակոյփի եւ զբօսաշրջութեան փոխ նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան, Պօղոս Չալկըճըօղլուին բարեկամները եւ ժողովուրդը: