Ռոպէր Հատտէճեանի Պարգեւատրումը

02.02.2020

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան,Կիրակի, 2 Փետրուար 2020-ին «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապէտ Ռոպէր Հատտէճեանը «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան» շքանշանով պարգեւատրեց:

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած հանդիսութեան ներկայ էին Հատտէճեանի ընտանիքը, Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարի օգնական՝ Ահմէտ Միսպահ Տէմիրճան, Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, հայ հասարակութեան ներկայացուցիչներ, Իսթանպուլի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչներ եւ խորհրդատուներ ինչպէս նաեւ հիմնարկի ներկայացուցիչներ իրենց մասնակցութիւնը բերին:

Արհի. Զէքիեան Գերապայծառ իր խօսքին մէջ նշեց Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի անուան շքանշանին կարեւորութիւնը եւ ի մասնաւորի ապագայ սերունդին համար, որպէսզի պարգեւեալը օրինակ հանդիսանայ անոնց:


Պատկերասrահ