Սրբոց Նահատակաց Յիշատակի Օր

24.04.2022

Սրբոց Նահատակաց Յիշատակի օրուան առիթով, Կիրակի 24 Ապրիլին ժամը 17:00-ին, Շիշլիի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ, Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի նախագահութեամբ  Նահատակներու համար յատուկ աղօթք մատուցուեցաւ: Արհիապատիւ Առաջնորդ հայրը իր խօսքին մէջ արժեւորելով նահատակութեան եւ սուրբ նահատակներուն կարեւոր տեղը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, աւելցուց, որ քաղաքականութենէն հեռու, անոնց օրինակը աւելի շեշտուելու է մերօրեայ քրիստոնէական կեանքին մէջ։


Պատկերասrահ