Այս բաները ձեզի խօսեցայ, քանի որ ձեր քովն եմ, Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ։ Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ այնպէս ինչպէս աշխարհը կու տայ։ Ձեր սրտերը չխռովի ու չվախնայ։ Լսեցիք որ ես ըսի ձեզի թէ կ՛երթամ ու ձեզի կու գամ: Եթէ զիս սիրէիք՝ պիտի ուրախանայիք, որ ես Հօրս քով կ՚երթամ, վասն զի իմ Հայրս ինծմէ մեծ է։ Եւ հիմա այս բաները դեռ չեղած ըսի ձեզի, որպէս զի երբ ըլլայ՝ հաւատաք։ Ա՛լ ձեզի հետ շատ պիտի չխօսիմ, վասն զի այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի. Միայն թէ աշխարհ գիտնայ որ ես Հայրը կը սիրեմ ու ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ՚ընեմ։ Ելէ՛ք, ասկէ երթանք»։
Այս բաները ձեզի խօսեցայ, քանի որ ձեր քովն եմ, Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ։ Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ։ Սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ։ Լսեցիք որ ես ըսի ձեզի թէ ‘Կ՚երթամ ու ձեզի կու գամ’. եթէ զիս սիրէիք՝ պիտի ուրախանայիք, որ ես Հօրը քով կ՚երթամ, վասն զի իմ Հայրս ինծմէ մեծ է։ Եւ հիմա դեռ չեղած ըսի ձեզի, որպէս զի երբ ըլլայ՝ հաւատաք։ Ա՛լ ձեզի հետ շատ պիտի չխօսիմ, վասն զի այս աշխարհին իշխանը կու գայ եւ իմ վրաս բան մը չունի. Միայն թէ աշխարհ գիտնայ որ ես Հայրը կը սիրեմ ու ինչպէս Հայրը ինծի պատուիրեց, այնպէս կ՚ընեմ։ Ելէ՛ք, ասկէ երթանք»։