Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ընտրական Ժողով

22.09.2021

Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան այսօրերուս կը գտնուի Հռոմ, Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի յարկին տակ, ուր կը մասնակցի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ընտրական Ժողովին։ Այս առաւօտ ան հանդիսադրեց Ս. Պատարագին, որուն մասնակցեցան բոլոր եպիսկոպոսները։ Այս մի քանի օրերուն յայտնի պիտի ըլլայ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարքի անունը։ Բոլորս աղօթենք մեր սիրելի Գերապայծառ Տիրոջ հետ եւ անոր ու բոլոր եպիսկոպոսներուն համար։


Պատկերասrահ