Տօն Սրբոյն Յակոբայ Մծբնայ Հայրապետին
Արհի. Տ. Լեւոն Արք Զէքիեան, Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի անուան տօնախմբութեան առթիւ Կիրակի, 19 Դեկտեմբերին ժամը 11:00-ին Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ: Երգեցողութիւնը պիտի կատարուի Ոսկեբերան դպրաց դասին կողմէ: Բոլոր հաւատացեալները հրաւիրուած են մասնակցելու այս հոգեպարար արարողութեան: