Սուրբ Յովհան Ոսկեփերան Եկեղեցւոյ մէջ Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագը
ժամը 17:00-ին, Զատկուան տօնի նախօրեակին՝ «Ճրագալոյսի» Սուրբ Պատարագը հանդիսաւորապէս մատուցուեցաւ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Եկեղեցւոյ մէջ՝ նախագահութեամբ Գերապայծառ Տէր Վարդան Թաք.Ծյր.Վրդ. Կիրակոս Գազանճեանի։
Սուրբ Պատարագը մատուցեց Հայր Աբրահամ Ծյր. Վրդ.Ֆըրաթ։
Պատարագէն առաջ, Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանի աշակերտները կատարեցին Սուրբ Գրոց ընթերցումներ։
Տէր Յակոբ Աւաք Սրկ. Մինասեան, կիսասարկաւագներ Ժան Աճեմօղլու եւ Լեւոն Եունքէս, դպիրներ Ճան Եօնթան եւ Նորայր Օզանթ, ինչպէս նաեւ Ոսկեփերան երգչախումբը՝ Զաւէն Աղայ ղեկավարութեամբ, իրենց ծառայութիւնը մատուցեցին Սուրբ Պատարագի ընթացքին։