Այցելութիւն Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրին
Գլխաւոր/Այցելութիւն Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրին
Այցելութիւն Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրին
05.04.2022
Արհի. Տ. Լեւոն Արք Զէքիեան, Երեքշաբթի, 5 Ապրիլին, ժամը 15:00-ին այցելեց Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, Գումգաբուի Հայոց Պատրիարքարանի մէջ: Գերապայծառ Տիրոջ ընկերացաւ Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեան եւ Տ. Յակոբ Աւագ Սարկաւագ Մինասեանը:
ՅԻՍՈՒՍ ԱՊԱՀԱՐԶԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
Անկէ ելլելով՝ Հրէաստանի սահմանները գնաց՝ Յորդանանի անդիի կողմէն։ Նորէն ժողովուրդը անոր քով կը ժողվուէին եւ ինչպէս սովորութիւն ունէր, դարձեալ կը սորվեցնէր անոնց։
Փարիսեցիները իրեն քով եկան զանիկա փորձելու համար։ Անոնք կը հարցնէին թէ «Արժա՞ն է որ այրը իր կինը արձակէ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Մովսէս ձեզի ի՞նչ պատուիրեց»։ Անոնք ըսին. «Մովսէս հրաման տուաւ արձակման գիր գրել ու արձակել»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին կարծրութեանը համար գրեց ձեզի այդ պատուէրը. Բայց ստեղծագործութեան սկիզբէն Աստուած զանոնք արու եւ էգ ըրաւ», ու ըսաւ. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան. ուստի ա՛լ երկու չեն, այլ մէկ մարմին։ Ուրեմն զայն որ Աստուած միացուց, մարդ թող չզատէ»։ Եւ տունը իր աշակերտները նորէն նոյն բանը հարցուցին իրեն։ Ըսաւ անոնց. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, անոր դէմ շնութիւն կ՚ընէ։ Ու կին մը եթէ իր ամուսինէն զատուի եւ ուրիշ այր մը առնէ, շնութիւն կ՚ընէ»։