ԵՆԹԱԲԱԺԱՆՈՒՄ
Շաբթուայ Խօսքը
Ոչ մէկը երկինք ելաւ. բացի միայն Մարդու Որդին որ երկնքէն իջաւ որովհետեւ երկնքէն է։ Ինչպէս Մովսէս անապատին մէջ օձը բարձրացուց, այնպէս ալ պէտք է որ Մարդու Որդին բարձրանայ, որպէսզի ով որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։ Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։ Վասն զի Աստուած իր Որդին չղրկեց աշխարհ, որպէս զի աշխարհը դատէ, այլ որպէսզի աշխարհը անով փրկուի։ Ան՝ որ կը հաւատայ անոր՝ չի դատապարտուիր եւ ան որ չի հաւատար՝ անիկա արդէն դատապարտուած է, վասն զի Աստուծոյ միածին Որդիին անուան չհաւատաց։ Այս է դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ ու մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, քանզի իրենց գործերը չար էին։ Վասն զի ո՛վ որ չարը կը գործէ, անիկա լոյսը կ՚ատէ եւ լոյսին քով չի գար, որպէս զի իր գործերը չյանդիմանուին։ Բայց ան՝ որ ճշմարտութիւնը կը գործադրէ՝ լոյսին քով կու գայ, որպէս զի յայտնի ըլլան թէ իր գործերը Աստուծմով գործուեցան»։
— Յովհաննէս 3, 13-21