ՇԱԲԱԹ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՐՑԸ
Երբ Յիսուս շաբաթ օր մը կ՚երթար արտերուն մէջէն, իր աշակերտները անօթեցան եւ սկսան ցորենի հասկեր փրցնել եւ ուտել։ Փարիսեցիները երբ տեսան, ըսին անոր. «Ահա քու աշակերտներդ կը գործեն, մինչդեռ արտօնուած չէ շաբաթ օրը գործել»։ Ան ալ անոնց ըսաւ. «Դուք չէ՞ք կարդացած Դաւիթին ըրածը։ Երբ անօթեցան ինք ու անոնք որ իրեն հետ էին. Մտաւ Աստուծոյ տունը եւ առաջաւորաց հացը կերաւ, որ ո՛չ իրեն օրինաւոր էր ուտել եւ ո՛չ անոնց որ իրեն հետ էին, այլ միայն քահանաներուն։ Կամ թէ օրէնքին մէջ չէ՞ք կարդացած որ քահանաները շաբաթ օրը տաճարին մէջ շաբաթը կը պղծեն ու անմեղ են։ Բայց ձեզի կ՚ըսեմ թէ այստեղ տաճարէն մեծ մէկը կայ։ Եթէ գիտնայիք թէ ի՛նչ ըսել է ‘Ողորմութիւն կ՚ուզեմ ու ո՛չ թէ զոհ’, այն ատեն անպարտները չէիք դատապարտեր քանզի Մարդու Որդին շաբաթին ալ տէրն է»։