Տօն Վերափոխման Ս. Աստուածածնի եւ Խաղողօրհնէք

15.08.2021 11:00:56 Պիւյիւքտէրէ, Սուրբ Պօղոս

Աստուածածնայ տօնին առիթով Կիրակի՝ 15 Օգոստոսին, Մեծ Կղզիի Վերափոխումն Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ ժամը 11:00-ին, Պիւյիւքտէրէյի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ժամը 11:00-ին, Գատըգիւղի Ս. Լեւոն եկեղեցւոյ մէջ ժամը 11:30-ին Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի ապա Ս. Պատարագի աւարտին խաղողները պիտի օրհնուին եւ ժողովուրդին պիտի բաժնուին: Օր Մեռելոց Երկուշաբթի՝ 16 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ին, Շիշլիի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատան մէջ Ս. Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մեր բոլոր ննջեցեալներուն համար:


Պատկերասrահ