Օր Մեռելոցի առիթով Ս. Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն
Գլխաւոր/Օր Մեռելոցի առիթով Ս. Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն
Օր Մեռելոցի առիթով Ս. Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն
07.01.2023
Օր Մեռելոցի առիթով Շաբաթ, 7 Յունուարին ժամը 11:00-ին Շիշլիի հայ կաթողիկէ գերեզմանատան մատրան մէջ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի կողմէն Ս. Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ:
«Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ՚ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն երեսը իմ Հօրս՝ որ երկինքն է։ Վասն զի Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու։ Ի՞նչպէս կ՚երեւի ձեզի, ‘Եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, ինսունըինը ոչխարը լեռները չի՞ ձգեր ու՝ չ՝երթար մոլորածը փնտռելու։ Եթէ գտնէ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, որ աւելի ուրախ կ՚ըլլայ անոր մասին, քան թէ ինսունըիննին՝ որոնք մոլորած չէին։ Այսպէս, ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի’»։