ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՐԱՒԷՐ

06.06.2026

Հաւատքի, Հաւատարմութեան եւ նուիրական հողերու ձայնը.

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի տօնակատարութիւնը Մարտինի մէջ կը նշուի։

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արդի շրջանի հաւատքի մեծագոյն վկաներէն, հայրական սիրով իր հօտը չլքելով կեանքը զոհաբերած եւ Եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասուած՝ Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան, իր նահատակութեան եւ սրբազան հետքերը ձգած հայրենի տան՝ Մարտինի մէջ կը յիշատակուի խորին յարգանքով եւ աղօթքներով։

Այս իմաստալից եւ պատմական տօնին առթիւ մատուցուելիք հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին հրաւիրուած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։

ՍՐԲԱԶԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ եւ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

• Թուական: 7 Յունիս 2026, Կիրակի

• Ժամ: 10:00

• Վայր: Մարտինի Սուրբ Յովսէփ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

• Նախագահութեամբ՝ Գերապայծառ Տ. Վարդան ԹԾՎ. Գազանճեանի

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբազան ժառանգութիւնը շնչելու համար այն պատմական մթնոլորտին մէջ, ուր ան իր հետքերը ձգեց, իր համայնքին ծառայեց, իր հաւատքն ու առ Աստուած ունեցած անսասան սէրը արիւնով կնքեց, ինչպէս նաեւ անկոտրում հաւատքի ու զոհողութեան խորհուրդին հաղորդակից դառնալու համար՝ այս Կիրակի կը հանդիպինք Մարտինի Սուրբ Յովսէփ Եկեղեցւոյ մէջ։

Գերապայծառ Տ. Վարդան ԹԾՎ Գազանճեանի հանդիսապետութեամբ մատուցուելիք սուրբ եւ անմահ Պատարագին ձեր ներկայութիւնը պիտի զօրացնէ մեր հաւատքի վկայութիւնը եւ պիտի վերակենդանացնէ այս հողերու վրայ մեր մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութիւնը։

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնը եւ մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի օրհնութիւնը թող ըլլան ամենուս հետ։

Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը։


Պատկերասrահ