Թարապիայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Անտոն եկեղեցին 1871 թուականին Անտոն Թընկըր Փաշայի կողմէ ծախու առնուած հողին վրայ կը կառուցուի եւ կը նուիրուի Սուրբ Անտոնին:
ՅԻՍՈՒՍ ԱՊԱՀԱՐԶԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ
Անկէ ելլելով՝ Հրէաստանի սահմանները գնաց՝ Յորդանանի անդիի կողմէն։ Նորէն ժողովուրդը անոր քով կը ժողվուէին եւ ինչպէս սովորութիւն ունէր, դարձեալ կը սորվեցնէր անոնց։
Փարիսեցիները իրեն քով եկան զանիկա փորձելու համար։ Անոնք կը հարցնէին թէ «Արժա՞ն է որ այրը իր կինը արձակէ»։ Յիսուս պատասխան տուաւ անոնց ու ըսաւ. «Մովսէս ձեզի ի՞նչ պատուիրեց»։ Անոնք ըսին. «Մովսէս հրաման տուաւ արձակման գիր գրել ու արձակել»։ Յիսուս պատասխան տալով՝ անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին կարծրութեանը համար գրեց ձեզի այդ պատուէրը. Բայց ստեղծագործութեան սկիզբէն Աստուած զանոնք արու եւ էգ ըրաւ», ու ըսաւ. «Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան. ուստի ա՛լ երկու չեն, այլ մէկ մարմին։ Ուրեմն զայն որ Աստուած միացուց, մարդ թող չզատէ»։ Եւ տունը իր աշակերտները նորէն նոյն բանը հարցուցին իրեն։ Ըսաւ անոնց. «Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, անոր դէմ շնութիւն կ՚ընէ։ Ու կին մը եթէ իր ամուսինէն զատուի եւ ուրիշ այր մը առնէ, շնութիւն կ՚ընէ»։