Թարապիայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Անտոն եկեղեցին 1871 թուականին Անտոն Թընկըր Փաշայի կողմէ ծախու առնուած հողին վրայ կը կառուցուի եւ կը նուիրուի Սուրբ Անտոնին:
«Զգոյշ կեցէք որ չանարգէք այս պզտիկներէն մէկը. քանզի կ՚ըսեմ ձեզի թէ երկնքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն երեսը իմ Հօրս՝ որ երկինքն է։ Վասն զի Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու։ Ի՞նչպէս կ՚երեւի ձեզի, ‘Եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, ինսունըինը ոչխարը լեռները չի՞ ձգեր ու՝ չ՝երթար մոլորածը փնտռելու։ Եթէ գտնէ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, որ աւելի ուրախ կ՚ըլլայ անոր մասին, քան թէ ինսունըիննին՝ որոնք մոլորած չէին։ Այսպէս, ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի’»։