ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՍԷՓ ԵԿԵՂԵՑԻ
Օսմանեան խորհրդարանի պատգամաւոր Յովսէփ Քազազեանի առաջնորդութեամբ եւ Մարտինի Հայ Կաթողիկէ համայնքի օժանդակութիւններով, Մարտինի հոգեւոր պետ Տէր Մելքոն Նազարեանի պաշտօնավարութեան ժամանակ 1864-ին եկեղեցիին կառուցման կը սկսուի եւ պաշտամունքի կը բացուի 1894-ին: Եկեղեցիին ճարտարապետը եղած է հռչակաւոր Լոլէ ճարտարապետը: Որպէսզի խոնաւութիւնը եկեղեցիին վնաս չպատճառէ, շինութեան ժամանակ հիմքին մէջ քանի մը հազար քիլօ աղ թափուած է: Զանգակատունը կը գտնուի եկեղեցիին վերի մասը, իսկ եկեղեցիին մէջ կան 21 սիւներ, որոնց վրայ կը գտնուի վերնատունը: