Rahipler (ARM)
İçerik yakında...
ԵՆԹԱԲԱԺԱՆՈՒՄ
Շաբթուայ Խօսքը
ԿԵԱՆՔԻՆ ԲԱՆԸ
Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։ Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր։ Ամէն բան անով եղաւ եւ առանց անոր բան մը չեղաւ՝ ինչ որ եղաւ։ Կեանքը անով էր ու կեանքը մարդոց լոյսն էր։ Եւ լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր բայց խաւարը զայն չճանչցաւ։
Աստուծմէ ղրկուած մարդ մը կար, որուն անունը Յովհաննէս էր։ Ան վկայութեան համար եկաւ որպէսզի Լոյսին համար վկայէ եւ ամէնքը անոր միջոցով հաւատան։ Ինք չէր այն Լոյսը, հապա եկաւ որպէսզի Լոյսին համար վկայէ։
Ճշմարիտ Լոյսը ան է, որ աշխարհ եկող բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ։ Ինք աշխարհի մէջ էր եւ աշխարհ անով եղաւ, բայց աշխարհ զանիկա չճանչցաւ։ Իրեններուն եկաւ, սակայն իրենները զինք չընդունեցին։ Բայց որոնք որ զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու, որոնք կը հաւատան իր անունին։ Անոնք ո՛չ արիւնէ եւ ո՛չ մարմնի կամքէ, ո՛չ ալ մարդու կամքէ, հապա Աստուծմէ ծնան։ Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, (եւ անոր փառքը տեսանք՝ Հօրմէն միածնի փառքին պէս,) շնորհքով ու ճշմարտութեամբ լեցուն։
Յովհաննէս վկայեց անոր համար եւ աղաղակեց ըսելով. «Ասիկա է, որուն համար կ՚ըսէի. ‘Ան որ իմ ետեւէս կու գայ, ինծմէ առաջ եղաւ, վասն զի ինծմէ առաջ էր’։ Եւ անոր լիութենէն մենք ամէնքս շնորհք առինք շնորհքի տեղ։ Վասն զի օրէնքը Մովսէսին ձեռքով տրուեցաւ, բայց շնորհքը եւ ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով եղան։
— Յովհաննէս 1, 1-17 Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր։ Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ քովն էր։ Ամէն բան անով եղաւ եւ առանց անոր բան մը չեղաւ՝ ինչ որ եղաւ։ Կեանքը անով էր ու կեանքը մարդոց լոյսն էր։ Եւ լոյսը խաւարի մէջ կը լուսաւորէր բայց խաւարը զայն չճանչցաւ։