Ս. Յակոբ Հիւանդանոց եւ Հանգստեան Տուն
Պոլսոյ մէջ երբ 1830-ին ժանտախտի համաճարակ մը կը սկսի, Հայ Կաթողիկէ համայնքը, որպէսզի հիւանդներուն առողջապահական եւ բժշկական ծառայութիւն մատուցանէ, Թաքսիմի Էլմատաղ թաղամասի վրայ հող մը կը գնէ եւ վրան վրաններ տեղաւորելով հիւանդները հոն կը փոխադրէ: Համայնքին անդամներու միջեւ կատարուած դրամահաւաքի շնորհիւ նոյն հողամասին վրայ հիւանդանոց մը կը կառուցուի եւ այսպէսով Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցը 1837-ին կը հիմնուի: 1839-ին ժանտախտի համաճարակի յաղթահարումէն ետք, Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի հիւանդանոցի մասը կը փոխադրուի Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի երթիքին տակ: Հիւանդանոցը, որ մինչեւ այդ թուականը ձրի ծառայութիւն կը մատուցանէր, այլ եկամուտ չունենալու պատճառով դրամական դժուարութեան կը մատնուի եւ կը ստիպուի վճարումով ծառայութիւն մատուցանել: 1953-ին հիւանդանոցի փայտաշէն շէնքը կը փլցուի եւ իր տեղը կը կառուցուի քարաշէն եւ արդիական հիւանդանոց մը: Դրամական անբաւարարութիւններու պատճառով այս շինութիւնը կը տեւէ տասը տարի: 1963-ին կը բացուի հիւանդանոցին ծերանոցի բաժինը եւ 1968-ին հիւանդանոցը Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Չոլաքեանի կողմէ կ'օծուի եւ կը վերաբացուի: 2014-ին Հիւանդանոցը երկրաշարժի դէմ ապահովութեան պաճառով դարձեալ կը փլցուի, արդիական եւ համայնքին կարիքները հոգացող հիւանդանոցի մը վերաբացումի ծրագրով:

