ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻ ՂԱԼԱԹԻԱ 1834
Պոլսոյ առաջին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին է: Կոստանդնուպոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքը Մահմուտ Բ. կայսեր օրերէն սկսած էր բանակցութիւններ կատարել, որպէսզի համայնքը իրեն յատուկ եկեղեցի մը եւ առաջնորդ մը ունենար: Այս նպատակով Ղալաթիոյ Կաթողիկէ համայնքը պէտք եղած գումարը հաւաքելով Քարագիւղի Քէմէրալթը կոչուած փողոցին վրայ գտնուող կառոյց մը կը գնէ: Պէտք եղած արտօնութիւնները ստանալէ ետք, 12 Մայիս 1832-ին եկեղեցիի հիմքը կը դրուի եւ 13 Յունուար 1834-ին եկեղեցին օծուելով պաշտամունքի կը բացուի: Առաջին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ըլլալով, յատուկ բծախնդրութեամբ մը շինուած է եւ կը նմանի հնագոյն տաճարի մը: Եկեղեցիին մէջ կը գտնուին Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարթուղիմէոսի որմանկարները: Ունի հինգ խորաններ, մայր խորանի քովը գտնուող խորանը յատկացուած է մկրտութեան արարողութիւններու: Կը գտնուի նաեւ Սուրբ Աստուածածնի նուիրուած խորան մը, որուն վրայ կը գտնուին բարակ սիւներ, շրջապատուած յատուկ վարագոյրներով, որոնց մէջտեղ կը գտնուին Սուրբ Աստուածածնի եւ Յիսուս Քրիստոսի թագադրուած սրբանկարը: Երբ դեռ շինութիւնը կը շարունակուէր, Պոլսոյ մէջ ժանտախտի համաճարակ մը կը սկսի: Վկայութիւններ կան թէ համաճարակի օրերուն Հայ համայնքը 25 Մարտ թուականին այս սրբանկարը թափօրով կը պտտցնէ Պոլսոյ փողոցներուն մէջ եւ ասկէ ետք համաճարակը կը վերջանայ: Այս դէպքէն վերջ Մահմուտ Բ. սուլթանը եկեղեցիին թանկագին ադամանդակուռ արծաթեայ գիսաւոր աստղ մը կը նուիրէ: Այս աւանդութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակուի եւ ամէն տարի Յարութեան Կիրակին յաջորդող մեռելոցի օրը Տիրամօր պատկերով հանդիսաւոր թափօր տեղի կ'ունենայ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս:

