Մուտքի մէջ > Եկեղեցիներ > ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՍԷՓ ԵԿԵՂԵՑԻ ՄԱՐՏԻՆ 1894
ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՍԷՓ ԵԿԵՂԵՑԻ ՄԱՐՏԻՆ 1894
Օսմանեան խորհրդարանի պատգամաւոր Յովսէփ Քազազեանի առաջնորդութեամբ եւ Մարտինի Հայ Կաթողիկէ համայնքի օժանդակութիւններով, Մարտինի հոգեւոր պետ Տէր Մելքոն Նազարեանի պաշտօնավարութեան ժամանակ 1864-ին եկեղեցիին կառուցման կը սկսուի եւ պաշտամունքի կը բացուի 1894-ին: Եկեղեցիին ճարտարապետը եղած է հռչակաւոր Լոլէ ճարտարապետը: Որպէսզի խոնաւութիւնը եկեղեցիին վնաս չպատճառէ, շինութեան ժամանակ հիմքին մէջ քանի մը հազար քիլօ աղ թափուած է: Զանգակատունը կը գտնուի եկեղեցիին վերի մասը, իսկ եկեղեցիին մէջ կան 21 սիւներ, որոնց վրայ կը գտնուի վերնատունը:

