ՍՈՒՐԲ ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷ 1851
Կայսերական դրամատան տնօրէններէն Պօղոս Ամիրա Պիլեզիքչիի մահուընէ ետք, իրեն պատկանող Պիւյիւքտէրէյի հողին վրայ, 1851-ին կառուցուած այս եկեղեցին ըստ իր կտակին, կը նուիրուի Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին: 1859-ին եկեղեցիին հիմնարկը, քովի հողամասն ալ ծախու առնելով պարտէզը կ'ընդլայնէ: Երբ թաղի Հայ Կաթողիկէ համայնքը կը բազմանայ եւ եկեղեցին անբաւարար կը մնայ համայնքին ծառայելու, 1882-ին եկեղեցին եւ իրեն պատկանող քովի փայտաշէն շէնքերը եւ խանութները կը փլցուին եւ անոնց տեղ կը շինուին քարաշէն եկեղեցի մը, դպրոց մը, հոգեւորականներուն բնակութեան համար տուն մը եւ չորս փայտաշէն տուներ: Կառուցման բոլոր ծախսերը կը դիմագրաւուին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կողմէ, որ 1867-ին Զմմառէն Պոլիս փոխադրուած էր: Եկեղեցին պաշտամունքի կը բացուի 1885-ին: ԺԹ․ դարուն վերջերը այդ չորս փայտաշէն տուները երբ կ'այրին, անոնց տեղը երեք յարկանի նոր շէնք մը կը շինուի:

