Մուտքի մէջ > Եկեղեցիներ > ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ԹԱՔՍԻՄ 1863

ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ԹԱՔՍԻՄ 1863

1832-ին եկեղեցիին հիմակուայ հողամասին վրայ, յիսուներկու սենեակներ ունեցող հարիւր հոգինոց հիւանդանոց մը կը շինուի: Աւելի վերջ այս փայտաշէն շէնքին քով փոքրիկ եկեղեցի մը կը շինուի: 1838-ին եկեղեցին կ'ընդլայնուի եւ եօթը հարիւր հոգինոց եկեղեցիի մը կը վերածուի: 1839-ին, հիւանդանոցը Էլմատաղ կը փոխադրուի: 1859-ին հիմակուայ եկեղեցիի կառուցման որոշումը կ'առնուի: Շէնքին կառուցման ծրագիրը կը յանձնուի ճարտարապետ Կարապետ եւ Անտոն Թիւլպէնթճեան եղբայրներուն, նուիրատուութեամբ բարերարներ Յակոբ եւ Պօղոս Կէօչէեաններու: Շինարարութեան ընթացքին Կարապետ Թիւլպէնթճեան կը մահանայ եւ շինարարութիւնը կ'աւարտի իր եղբօր`ճարտարապետ Անտոն Թիւլպէնթճեանի ձեռամբ: 2 Փետրուար 1863-ին օծուելով պաշտամունքի բացուած եկեղեցին Հայ Կաթողիկէ համայնքին գլխաւոր եկեղեցիներէն մէկը կը դառնայ: 1979-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը իր Իսթանպուլ հովուական այցելութեան ընթացքին այս եկեղեցին ալ կ'այցելէ:


Galeri

example4