Մուտքի մէջ > Եկեղեցիներ > ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ՊԷՅՕՂԼՈՒ-ՍԱՔԸԶԱՂԱՃԸ 1866

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ՊԷՅՕՂԼՈՒ-ՍԱՔԸԶԱՂԱՃԸ 1866

1866-ին պաշտամունքի բացուած Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի մայր եկեղեցին, Պետրոս Մըսըրլեանի նուիրատուութեան շնորհիւ կառուցուած է: Մըսըրլեան կը փափաքէր իր բոլոր հարստութիւնը նուիրել նոր եկեղեցի մը եւ եպիսկոպոսներուն ու վարդապետներուն բնակարան մը կառուցանելու ծրագրին: Երբ ինք կը մահանայ իր կտակը կ'իրականանայ իր քոյրերուն Լուսիի եւ Սոֆիի ձեռամբ: Եկեղեցիին գտնուած հողամասը կը պատկանէր Պօղոս Ամիրա Պիլեզիքչիի եւ 1838 թուականին Պատրիարքարանին նուիրած հողամասին վրայ գտնուող փայտաշէն շէնքը կը գործածուէր իբր դպրոց: «Քրիստոնէական դպրոցներու եղբայրութիւն» կոչուած եւ միայն հայ հոգեւորականներ հասցնող այս դպրոցը, աւելի վերջը «Լուսաւորիչ» անունը կ'առնէ եւ մինչեւ 1863 կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: 1863-ին այս դպրոցը կը փլցուի եւ 15 Նոյեմբեր 1864-ին կայսերական հրովարտակով եւ Մըսըրլեանին կտակին համաձայն եկեղեցին, պատրիարքարանը եւ հոգեւորականներու համար սենեակներ կը շինուին: Եկեղեցին 6 Նոյեմբեր 1866-ին պաշտամունքի կը բացուի: 1870 թուականին Պեյօղլուի թաղին մէջ ելած մեծ հրդեհին հետեւանքով պատրիարքարանին շէնքը եւ հոգեւորականներուն յատկացուած բնակարանները հրոյ ճարակ կը դառնան, իսկ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին միայն զանգակատունը կը վնասուի բայց եկեղեցին անվնաս կը մնայ: Հրոյ ճարակ դարձած շէնքը 1880-1881 թուականներուն Անտոն Պետրոս Հասուն Պատրիարքի կողմէ կը նորոգուի: Մինչեւ նորոգութիւններուն վերջ գտնելը Պատրիարքարանը իր գործունէութիւնը կը շարունակէ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիին շէնքին մէջ:


Galeri

example4