Մուտքի մէջ > Գերեզմանատուն > ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ - ՇԻՇԼԻ

ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ - ՇԻՇԼԻ

Կ. Պոլսոյ քրիստոնեայ հասարակութիւնները անցեալ դարերու ընթացքին իրենց ննջեցեալները կը թաղէին ընդհանրապէս իրենց պատկանող եկեղեցիներուն շուրջ գտնուող վայրերու մէջ: 1560-ին Կ. Պոլսոյ մէջ պատահած ժանտախտի համաճարակի վարակման առաջքն առնելու համար պետութիւնը կ'արգիլէ այլեւս եկեղեցիներու շուրջը կամ մօտը մեռելներ թաղել: Այդ թուականէն սկսեալ թաղումները կը կարատուէին այսօրուան Թաքսիմի, Հարպիյէի եւ Բանկալթիի կողմերը գտնուող ամայի հողերու վրայ, որոնք այդ տարիներուն քաղաքէն դուրս վայրեր էին: Այսպէսով 1560-էն մինչեւ 1865 այդ հողամասերը կը վերածուին քրիստոնեայ ժողովրդեան գերեզմանատուներու: Յառաջիկայ դարերուն Կ. Պոլսոյ բնակչութիւնը հետզհետէ կ'ընդարձակուի եւ Թաքսիմէն սկսեալ աւելի վեր տուներ կը շինուին եւ Բանկալթիի ու Շիշլիի մէջ նոր թաղեր կը կազմուին. նախապէս քաղաքէ դուրս նկատուող գերեզմանատան հողերը դարձեալ կը միանան բնակչութեան: Երբ 1865-ին ժանտախտի համաճարակ կը պատահի, պետութեան կողմէն դարձեալ կ'արգիլուի այլեւս այդ վայրերուն մէջ թաղում կատարել: 1865-էն ետք, Յոյն եւ Հայ հասարակութեանց համար, Շիշլիի վերի կողմերը ընդարձակ գետիններ կը տրամադրուին գերեզմանատուներ կազմելու նպատակով, եւ այդ թուականէն սկսեալ Հայ հասարակութեան գերեզմանատունը կը փոխադրուի Շիշլիի կողմը գտնուող այժմեան գերեզմանատունը: Աւելի վերջ Կ. Պոլսոյ քաղաքապետութիւնը Բանկալթիէն դէպի Շիշլի երկարող ճամբան ընդարձակելու համար 4-5 մեթր դէպի ներս քաշել կու տայ ճամբուն վրայ գտնուող որմը եւ նոյնպէս գերեզմանատան կռնակը գտնուող այժմեան Թաքսիմ հրապարակի մօտակայ Կրենտ Հայաթ պանդոկին գտնուած հողամասին մէջտեղէն գրեթէ տասը մեթր լայնութեամբ ճամբայ մը բանալ կու տայ երթեւեկը դիւրացնելու համար, պատճառ հանդիսանալով բաւական մեծ հողամասի մը կորուստին: 1920-1922 թուականներու միջեւ, գերեզմանատան հողին մէկ մասը կը վերածուի ոտնագունդի դաշտի, ուր այսօր կը գտնուի Կէզի կոչուած զբօսավայրը: ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՆԱԽԿԻՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՎԱՅՐԸ Կ. Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայ համայնքէն Բերայի եւ Ղալաթիոյ կողմերը բնակողները, անցեալ դարերուն, իրենց ննջեցեալները կը թաղէին ոմանք Լատին գերեզմանատան մէջ, իսկ մեծագոյն մասը Բանկալթիի Ազգային գերեզմանատան մէջ: Երբ Լատին հասարակութիւնը իր նախկին գերեզմանատան մէջ ննջեցեալ թաղելու վերջ կու տայ, հոն թաղուած բոլոր ննջեցեալներուն ոսկորները եւ տապանաքարերը կը փոխադրեն նոր գերեզմանատուն: ՇԻՇԼԻԻ ՆԵՐԿԱՅ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԸ Երբ այլեւս Բանկալթիի գերեզմանատան մէջ ննջեցեալ թաղելու վերջ կը տրուի Կաթողիկէ Հայ համայնքը ի վերջոյ Շիշլիի կողմը կ'ունենայ իր սեփական գերեզմանատունը: Գերեզմանատան դռնէն ներս մտնելով, ձախ կողմը կը տեսնենք մատուր մը, ուր կը կատարուի եկեղեցական պաշտամունք, իսկ մեռելոց օրերուն կը մատուցուի սուրբ Պատարագ: Գերեզմանատան մէջ շրջան մը ընելով կը տեսնենք ընդարձակ գետինը, բաժնուած այլ եւ այլ քառակուսի թաղամասերու եւ ամէն մէկ թաղամաս նշուած է սուրբի մը անունով: Կայ նաեւ թաղամաս մը, որ յատկացուած է հոգեւորականներուն, ուր թաղուած են Թեմին երջանկայիշատակ Առաջնորդները՝ Քիրեջեան եւ Չոլաքեան Գերապայծառներուն դամբարանները: Հոն կը գտնուին նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան հայրերու, թեմական կղերի եւ մի քանի Զմմառու միաբաններու գերեզմանները: Յատուկ անկիւնի մը մէջ թաղուած են նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան հանգուցեալները:


Galeri

example4 example example