Պոմոնթի Մխիթարեան Նախակրթարան եւ Միջնակարգ Վարժարան
Մխիթարեան Վանքը 1700-ին Սեբաստացի Մխիթար Աբբայի կողմէ Պոլիսի մէջ հիմնուած է: 1808-ին Մխիթարեան «Վաքըֆ»ի քահանաներէն Հայր Մինաս Բժշկեանի կողմէ, Պէյօղլու Ենիմահալլէ թաղին մէջ եւ Հայր Սուգիաս Սոմալեանի կողմէ ալ Գարագիւղի մէջ 2 դպրոց բացուած է: 1830-ին ալ Թարլապաշը Սագըզաղաճըյի մէջ «Մխիթարեան Դպրոց» ցուցատախտակով գործունէութեան շարունակող դպրոցը 1921-էն յետոյ «Սաքըզաղաճը Հայ Կաթողիկէ Նախակրթարան» անունը կ'առնէ: 1870-1923 տարիներու միջեւ Գատըգիւղ Մօտայի մէջ կրթութիւն տրուեցաւ: Վարժարանը 1964-1965 տարեշրջանէն ի վեր այսօրուան շէնքին մէջ «Özel Bomonti Ermeni Katolik İlkokulu» անուամբ կը գործէ։
1985-1986-էն ի վեր մանկապարտէզով միասին կը շարունակէ ուսուցման աշխատանքը։ Ութը տարուան նախակրթարանի պարտաւորութենէն վերջ՝ կոչուած է «Özel Bomonti Ermeni Katolik İlköğretim Okulu» ըլլալով։
Վարժարանը այժմ մանկապարտէզի, նախակրթութեան եւ միջնակարգի բաժիններով կը գործէ։


