Մուտքի մէջ > Դպրոցներ > Անարատ Յղութիւն Վարժարան

Անարատ Յղութիւն Վարժարան

Վարժարանը հիմնուած է Պօղոս Մըսըրլեանի կողմէ 1868-ին: 12 Մարտ 1866 թուականին Սամաթիա թաղին մէջ տեղի ունեցած հրդեհի մը պատճառով, շրջակայքի բոլոր վարժարանները հրոյ ճարակ կը դառնան եւ աղջկայ վարժարանները վերջ կու տան իրենց գործունէութեան: Տիար Պօղոս Մըսըրլեան, որպէսզի աղջիկները շարունակեն իրենց ուսուցումը, Սամաթիա թաղի մէջ շէնք մը կը գնէ եւ զայն վարժարանի վերածելով կը տրամադրէ Անարատ Յղութիւն աղջկանց վարժարաններու միութեան պատկանող հայ կրօնաւոր քոյրերուն: Այսպէսով վարժարանը կը սկսի ցերեկօթիկ եւ գիշերօթիկ ուսուցման գործունէութեան: Դպրոցին բարերարը եւ առաջին հիմնադիրը եղող Պօղոս Մըսըրլեան ծնած է 1812 թուականին եւ Օսմանական Կայսերական պալատին մէջ ունեցած է բարձրաստիճան պաշտօններ եւ մահացած է 27 Ապրիլ 1873-ին: Պոլսոյ ամենահին աղջկանց վարժարաններէն մէկը եղող Անարատ Յղութիւն վարժարանին այսօրուայ շէնքը 1922 թուականին վերաշինուած եւ 1926-ին վերաբացուած է: Մխիթարեան Վարժարանը այսօր եւս կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի մակարդակի ուսուցումով:


Galeri

example4